image

Փաշինեանի հայցն ընդդէմ Օննիկ Գասպարեանի մերժուեցաւ

Փաշինեանի հայցն ընդդէմ Օննիկ Գասպարեանի մերժուեցաւ
ՀՀ վարչական դատարանը՝ դատաւոր Մհեր Պետրոսեանի նախագահութեամբ, մերժած է ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ նախկին պետ Օննիկ Գասպարեանի գործով հայցի ապահովման միջոցը վերացնելու մասին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայացուցիչի միջնորդութիւնը, կը տեղեկանանք Դատական-տեղեկատուական համակարգէն։

Յիշեցնենք, որ Օննիկ Գասպարեանը 10 մարտին դիմած է ՀՀ վարչական դատարան` իրաւունքի ուժով ընդունուած Հանրապետութեան նախագահի՝ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զորավար-գնդապետ Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատելու վերաբերեալ հրամանագիրը, որ հաստատուած է 2021թ. 10 մարտին՝ վարչապետի՝ Օննիկ Գասպարեանը ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնէն իրաւունքի ուժով ազատուած համարելու մասին յայտարարութեամբ, առոչինչ ճանչնալու պահանջով:

Դատարանը 17 մարտին բաւարարած է Օննիկ Գասպարեանի հայցի ապահովման միջոց կիրառելու մասին փաստաբանի միջնորդութիւնը, որով պահանջուած էր ճանչնցլ Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատելու իրաւայարաբերութեան բացակայութիւնը:

2 Ապրիլին նշանակուած դատական նիստին վարչապետի ներկայացուցիչը միջնորդութիւն ներկայացուցած է դատարանին՝ հայցի ապահովումը վերացնել։ Վարչապետի ներկայացուցիչը պնդած է, որ Գասպարեանի գործով հայցի ապահովման հիմքը կը բացակայի։