Երէկ հրապարակուած է ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան (FAO) ամենամեայ տեղեկագիրը, որու հիման վրայ աշխարհի մէջ 53 երկիր յայտնուած է բաւական ծանր վիճակի մէջ:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ յատկապէս պատերազմները պատճառ կը դռնան, որ այդ երկիրներուն մէջ սովամահութեան թիւը բարձր ցուցանիշներ գրանցէ:
Կը նշուի նաեւ, որ այդ երկիրներու շարքին է նաեւ Սուրիան, որ վերջին ութ տարիներուն երկրին մէջ ընթացող պատերազմին հետեւանքով յայտնուած է բաւական դժուարին պայմաններու մէջ, բան մը, որ ազդած է երկրի տնտեսական եւ ընկերային ընդհանուր ոլորտներուն վրայ եւ չի բացառուիր, որ Սուրիոյ մէջ սովի վտանգը նոյնպէս իր գլուխը ցցէ:
Կը նշուի նաեւ, որ Սուրիաէն բացի այդ ցուցակին մէջ գլխաւոր տեղ կը գրաւեն Եէմէնը, դեմոկրատական Քոնկօն, Աֆղանիստանը եւ այս երկիրներ կը զբաղցնեն ցուցակի առաջին ութ հորիզոնական տեղերը: