Սուրիա («Ալ Նահար»- Պէյրութ) Սուրիական բանակը իրանեան ուժերու օժանդակութեամբ առաջընթաց արձանագրած է` մօտենալով Հարաւային Հալէպի գլխաւոր մայրուղիին, որ կը գտնուի ընդդիմութեան իշխանութեան տակ, արձանագրելով յաւելեալ ներթափանցումներ, ռուսական օդանաւներու օդային աշխոյժ յարձակումներու օգնութեամբ: Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ սուրիական եւ ռուսական միացեալ ուժերը կրցած են վերատիրանալ ռմբակոծիչ «Սու 24»-ի սեւ տուփին, որ 24 Նոյեմբերին Լաթաքիոյ արուարձանին մօտ վար բերուած էր Թուրքիոյ կողմէ: Աղբիւրը կ'աւելցնէ նաեւ, որ բանակը, գրաւելէ ետք շարք մը գիւղեր, ինչպէս՝ Զէթանը, Համիրան եւ Քալհաճիյէն, յայտարարած է, որ ան հասած է Ալ-Զըրպէի ծայրամասը եւ շրջապատած է Հարաւային Հալէպի արուարձանը գտնուող Խան Թուման քաղաքը: Աղբիւրը կը նշէ, որ Խան Թումանի գրաւումը մեծ նուաճում պիտի ըլլայ բանակի համար, որու շնորհիւ ան պիտի կարենայ Իտլիպի եւ Հալէպի մէջ ընդդիմութեան յենակէտերը իրար կապող ճանապարհը կտրել: