ԹՈՒՐՔԻԱ («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Ուրբաթ օր երկու սուրիացի փոքրիկներ մահացած են, Թուրքիոյ Հարաւ-արեւմտան ծովեզերքը փախստականներ փոխադրող նաւու մը ընկղմումին հետեւանքով: Թուրքիոյ ծովեզերքի փրկարար մարմնի մէկ բանբերին հաստատումով, երկու երեխաները՝ միամեայ Տիվէն Խալիլ Հիւսէյն ու չորսամեայ Պերէն Խալիլ Հիւսէյնե եղբայրներ էին, որոնք նաւի վրայ կը գտնուէին 23 այլ փախստականներու հետ: Նոյն նաւուն վրայ գտնուող մնացեալ բոլոր փախստականները փրկուած են: Թուրքիոյ Արեւմտան ափին, Չանաքքալէ նահանգի Այվանճիք շրջանի մօտ փախստականներով բեռնուած այլ նաւակ մը եւս ընկղմած է, որու պատճառով խեղդուած չորս երեխաներու մարմինները յայտնաբերուած են, մինչ նաւակին վրայ գտնուող 51 այլ անձեր փրկուած են: Հազարաւոր փախստականներ եւ ապաստան հայցողներ տակաւին կը փորձեն յունական կղզիներու միջոցաւ անցք գտնել դէպի Արեւմտան Եւրոպայի քաղաքներ ` դուրս գալու համար պատերազմական գօտի հանդիսացող Միջին Արեւելքէն: Ըստ գաղթականներու միջազգային կազմակերպութեան հաղորդած տուեալներուն, մինչեւ այս տարի առնուազն 3,138 փախստականներ մահացած են Միջերկրական ծովը կտրելու ընթացքին: ՄԱԿ-ի փախստականներու գործակալութեան հաղորդմամբ, 2015-ին Միջերկրականի միջոցաւ Եւրոպա հասնողներուն թիւը կը կազմէ 643,000 մարդ: