image
Հրատապ լուրեր:

Դատական խայտառակութիւնը կը շարունակուի. Պաքուի մէջ կը դատեն Լիւտվիկ Մկրտչեանը եւ Ալիոշա Խոսրովեանը

Դատական խայտառակութիւնը կը շարունակուի. Պաքուի մէջ կը դատեն Լիւտվիկ Մկրտչեանը եւ Ալիոշա Խոսրովեանը

Պաքուի մէջ կը շարունակուի դատական ​շինծու գործը գերեվարուած հայեր Լիւտվիկ Մկրտչեանի եւ Ալիոշա Խոսրովեանի նկատմամբ:

Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ 1 Յուլիսի նիստին դատաւոր Էլպէյ Ալլահվերտիեւի ղեկավարութեամբ կ'ուսումնասիրուին քրէական գործի «նիւթերը»:

Մկրտչեանը եւ Խոսրովեանը կը մեղադրուին տարբեր յանցագործութիւններու մէջ այն պատճառով, որ անոնք մասնակցած են ղարաբաղեան առաջին պատերազմին:

Այդպէս, Ատրպէյճանը վրէժ կը լուծէ իր ձեռքը ինկած առաջին պատերազմի բոլոր իրական կամ ենթադրեալ մասնակիցներէն: