Ազգային յարգանքի տուրքի հանդիսաւոր արարողութենէն ետք սիրուած շանսոնէի Շարլ Ազնաւուր իրաւունք ունէր առաւել համեստ յուղարկաւորութեան` միայն ընտանիքի անդամներու մասնակցութեամբ:
Ֆրանսահայ սիրուած երգիչի ընտանիքը ցանկացած է, որ Ազնաւուրի յուղարկաւորութիւնը չլուսաբանուի: Անոր վերջին հանգրուանը կ'ըլլայ ընտանեկան գերեզմանատունը, որ ինքը կառուցած է 2009թ.: Այնտեղ թաղուած են Ազնաւուրի ծնողներն ու որդին` Պատրիկը, որ կեանքէն հեռացած է երիտասարդ տարիքին: