image

«Այս ընտրութիւնները մեր ժողովուրդին համար, ոտքի կանգնելու վերջին առիթն են»Գանատահայ գործիչ՝ Արիս Պապիկեան

«Այս ընտրութիւնները  մեր ժողովուրդին համար, ոտքի կանգնելու վերջին առիթն են»Գանատահայ գործիչ՝ Արիս Պապիկեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Գանատահայ գործիչ, խորհրդարանի անդամ՝ Արիս Պապիկեան: 

-Ի՞նչ են  ձեր  ակնկալիքները յառաջիկայ ընտրութիւններէն։

Իմ ակնկալիքս համայն հայ ազգի ակնկալութիւնն է՝ Հայաստանը ունենայ ղեկավարութիւն մը, որ կը հետապնդէ հայ ժողովուրդի ազգային շահերը, որպէսզի կարողանանք պահպանել 3-րդ հանրապետութիւնը եւ  մեր ժողովուրդը ունենայ տնտեսապէս բարգաւաճ իրավիճակ, զօրաւոր եւ ինքնաբաւ բանակ:

 

-Ներքին լարուածութիւնը  կը շարունակուի, մեծ  հաշուով բախումներու կամ յաւելեալ լարուածութեան   մտավախութիւններ ունի՞ք։

Ես վստահ եմ, որ  մեր  ժողովուրդը հայրենիքին մէջ պիտի կանխէ այս մտահոգութիւնը եւ աւելի խոհեմ ձեւով պիտի կրնայ կաշկանդել արտաքին ուժերու ապակայունացման ծրագիրները։ Դժբախտաբար, ներկայիս ղեկավարները իրենց իշխանութիւնը պահելու համար կրնան ոեւէ մէկ միջոցի դիմել, որպէսզի խաղաղօրէն չյանձնեն երկիրը յաջորդ ընտրութիւններուն շահած ուժերուն։ Այս մտահոգութիւնները կը յենին այն երեւոյթին վրայ, որ վերջին երեք տարուան ընթացքին ներկայ վարչապետը եւ իր գործակիցները՝ հայ ժողովուրդը բաժան-բաժան ըրին, սեւի եւ ճերմակի քարոզարշաւի պատճառաւ հայրենիքէն ներս ատելութեան եւ անհանդուրժողական մթնոլորտ մը ստեղծեցին, աւելին կաշկանդեցին հայրենիքի ժողովուրդին մեծ մասի մարդկային եւ ժողովրդավարական իրաւունքները, խափանեցին մամուլի ազատ արտայայտութեան իրաւունքը եւ խախտեցին ամէնէն սկզբնական եւ հիմնական ժողովրդավարութեան սկզբունքները։

 

-Նոր խորհրդարանի կազմութիւնէն  ու կառավարութեան  կազմութեան  յաջողումէն ետք  ի՞նչ պէտք է ըլլան Հայաստանի  իշխանութիւններուն ընելիքները։

Նորակազմ կառավարութիւնը ծանր եւ լուրջ մարտահրաւէրի դիմաց կը գտնուի, որովհետեւ Արցախի վերջին պատերազմի հետեւանքները մեծ պատուհաս եւ աղէտ էր Հայ ժողովուրդին համար։

Արդարեւ, նորընտիր կառավարութեան առաջին շտապ գործը պէտք է ըլլայ՝ համաշխարհային կազմակերպութիւններուն  եւ Միացեալ Ազգերու ապահովութեան խորհուրդին յատուկ նիստի հրաւիրել,  կասեցնելու համար Ատրպէճանի եւ Թուրքիոյ զօրքերու արշաւանքը դէպի Հայաստանի հողերը եւ կատարելու անմիջական դատապարտում վերոյիշեալ երկիրներուն։

Սոյն երկիրները բացայայտօրէն խախտած են միացեալ ազգերու անդամ այլ երկրի մը հողային տարածքները եւ այդ պետութեան հողային անձեռնմխելիութիւնը։ Յաւելեալ՝ միջազգային ատեանին (International Criminal Court) մօտ դատի առաջարկ ներկայացնել Ատրպեճանի եւ Թուրքիոյ դէմ,  իրենց գործադրած մարդկային իրաւունքներու եւ պատերազմներու ոճիրներ (War Crimes) գործադրելու պատճառով։

Հայաստանը իր վերջին 30 տարիներու անյաջող փորձառութենէն վերջ, պէտք է ունենայ նոր պատկերացում, որպէսզի ունենանք յաջող եւ բարգաւաճ հայրենիք։

Այս բոլորը իրականցնելու համար Հայաստանը պէտք է վերադասաւորէ իր ներքին քաղաքական կեանքը, ունենայ ազատ եւ անկախ դատական համակարգ, արտաքին յարաբերութիւններու նոր տեսիլք, կրթական մարզի վերամշակում, եւ ազատ շուկայի տնտեսական ոլորտ՝ անկախ անհատական հաշիւներէ եւ վերջապէս բտախտի լուրջ հետապնդում։

Այս ընտրութիւնները համայն հայութեան սթափելու կոչ է եւ վերջին առիթն է՝ հիմնելու նոր կարգի եւ կանոնի Հայաստան , ուր ազգին եւ հաւաքականութեան շահերը եւ գոյատեւումը աւելի բարձր կը գերադասուին, քան անհատական եւ կուսակցական հաշիւները։

Այս ընտրութիւնները հայ ժողովուրդին վերջին առիթն է՝ ոտքի կանգնելու եւ պահպանելու իրենց հայրենիքը։