image

Սեւ Օր Թուրքիոյ Լրագրութեան Համար. «Ալ Հայաթ»

Սեւ  Օր  Թուրքիոյ Լրագրութեան Համար. «Ալ Հայաթ»

ԹՈՒՐՔԻԱ-(«Ալ-Հայաթ»-Լոնտոն»)- Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան   (MIT) կողմէ Սուրիոյ ահաբեկիչներուն բեռնատարերով զինամթերք փոխանցելու նկարներ հրապարակելուն պատճառով Թուրքիոյ «Ճումհուրիյէթ» թերթի գլխաւոր խմբագրի՝ Ճան Տիւնտէրի եւ թերթի Անգարայի գրասենեակի վարիչ Էտմոն Կիւլի բանտարկութիւնը  զայրոյթի եւ դժգոհութեան մեծ ալիք բարձրացուց երկրի մամլոյ եւ քաղաքական  շրջանակներու մեծամասնութեան մօտ: Դատարանը  Տիւնտէրին եւ Արտամին  ահաբեկչական կազմակերպութիւններ օժանդակելու եւ լրտեսութեան ու ռազմական գաղտնիքներ սպրդեցնելու մեղադրանք յարուցեց, որու համաձայն անոնք 45 տարի բանտարկուելու պատժին կ'ենթարկուին: Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ հազարաւոր մարդիկ,  իրենց շարքին ունենալով լրագրողներ եւ ընդդիմադիր երեսփոխաններ. ցոյցի ելան թերթի շէնքին առջեւ եւ պոռացին «Մամլոյ ազատութիւնը կարելի չէ լռեցնել», «Ուս ուսի ընդդէմ ֆաշիզմի», «Թայէպը գող է, Թայէպը ստախօս է, Թայէպը ոճրագործ է» եւ նման կոչեր արձակելով: Իրաւաբաններու միութիւնը  Պոլսոյ մէջ յայտարարեց, որ «Արդարութիւնը իսկական ճգնաժամ կ'ապրի Թուրքիոյ մէջ»: Ինչպէս նաեւ բոլոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնները տարբեր յայտարարութիւններով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին թերթին, եւ դատապարտեցին արդարութեան ոտնահարումը Էրտողանի իշխանութեան կողմէ, որ կ'ընդունի ոճրագործը բանտարկել` փոխարէն ոճիրը բացայայտողը բանտարկել:

Տիւնտէր, որ անցեալ շաբաթ Ֆրանսայի մէջ պարգեւատրուած էր  «Լրագրողներ առանց սահմանի» կազմակերպութեան կողմէ, նաեւ` «T5» ալիքի  կողմէ «մամլոյ ազատութեան մրցանակով», բանտ տեղափոխուելէն առաջ     մասնաւորապէս իր խօսքը  լրագրողներուն  ուղղելով  ըսած  է՝ «Մի անհանգստանաք, այս դատապարտումը մեզի համար պատուոյ նշանէ բացի  այլ բան չէ»:

Տիւնտէր կը նկատուի ամենանշանաւոր եւ հմուտ լրագրողներէն մէկը Թուրքիոյ մէջ, որ հանրածանօթ է ժամանակակից  Թուրքիոյ հիմնադիր՝ Մուսթաֆա Քէմալ Աթաթուրքի մասին կատարած իր հետաքննութիւններով, ուր հերոսացման կողքին քննադատած է անոր կարգ մը քաղաքականութիւնները իր վաւերագրական վերջին ֆիլմին մէջ, որ «Մուսթաֆա» կը կոչուի, եւ արժանացած է լրագրողական մրցանակներու:

Նոյն   առումով Անգարայի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը յայտնեց իր յոյսը, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնն ու դատարանները յարգեն լրատուամիջոցներու ազատութեան հիմնական սկզբունքը, որ նշուած է Թրքական սահմանադրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան մամլոյ քարտուղարը  յայտարարեց, որ Թուրքիան, թեկնածու ըլլալով Եւրոմիութեան անդամակցութեան, պարտի ապահովել իր օրէնսդրութեան համապատասխանումը եւրոպական չափանիշներուն: