image
Հրատապ լուրեր:

«Սասնայ Ծռեր» խումբի հետ կապ ունենալու մեղադրանքով ձերբակալուած է երկու անձ (Տեսանիւթ)

«Սասնայ  Ծռեր» խումբի հետ կապ ունենալու մեղադրանքով ձերբակալուած է երկու անձ  (Տեսանիւթ)

ՀՀ ԱԱԾ-ն այսօր   հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, թէ    Երեւանի մէջ ձերբակալուած  են երկու անձեր, որոնք անմիջական   կապ ունեցած են «Սասնայ ծռեր»  զինեալներու խումբին հետ: ԱԱԾ-ն  նաեւ դիտել տուած է, որ ձերբակալեալները  տարբեր  միջոցներով կը պատրաստուէին  հակօրինական  զինեալ    գործունէութիւն ծաւալել  մասնաւորապէս Խորենացի փողոցին վրայ: Ձերբակալուածներուն մօտ գտնուած է ապօրինի զէնք եւ պայթուցիկ նիւթեր:  Հրապարակուած  հաղորդագրութեան մէջ ԱԱԾ-ն   կոչ ըրած է ՀՀ քաղաքացիներուն՝  զգոյշ եւ արթուն ըլլալ, մանաւանդ բողոքի  խճողուած վայրերուն ու մասնաւորապէս  Խորենացի փողոցին վրայ: