ՀՀ ԱԱԾ-ն այսօր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, թէ Երեւանի մէջ ձերբակալուած են երկու անձեր, որոնք անմիջական կապ ունեցած են «Սասնայ ծռեր» զինեալներու խումբին հետ: ԱԱԾ-ն նաեւ դիտել տուած է, որ ձերբակալեալները տարբեր միջոցներով կը պատրաստուէին հակօրինական զինեալ գործունէութիւն ծաւալել մասնաւորապէս Խորենացի փողոցին վրայ: Ձերբակալուածներուն մօտ գտնուած է ապօրինի զէնք եւ պայթուցիկ նիւթեր: Հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ԱԱԾ-ն կոչ ըրած է ՀՀ քաղաքացիներուն՝ զգոյշ եւ արթուն ըլլալ, մանաւանդ բողոքի խճողուած վայրերուն ու մասնաւորապէս Խորենացի փողոցին վրայ: