«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան պատասխանատուներէն Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով քիչ առած նոր միջադէպ մը գրանցուած է Էրէբունի շրջանի ՊՊԾ կեդրոնին մօտ: Փաշինեան լրագրողներուն խօսելով ըսած է, թէ Սարի Թաղի շրջանէն խումբ մը քաղաքացիներ փորձած են անցնիլ ոստիկանութեան կողմէ Էրէբունի զօրանոցին մօտ եղող հսկողութեան կէտերը եւ հանդիպած են ոստիկանութեան դիմադրութեան, որուն հետեւանքով վիրաւորուած են ոստիկաններ: Փաշինեան նաեւ ըսած է, թէ ոստիկաններու ստացած վիրաւորումները հրազէնային չեն: Փաշինեան իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղած է բոլոր քաղաքացիներուն հեռու մնալ ամէն տեսակի սադրանքներէն: Նշենք, որ աւելի վաղ «Սասնայ ծռեր» խումբի զինեալներ օդ կրակած էին, որուն հետեւանքով լարուածութիւն եղած էր շրջանը հսկող ոստիկանութեան եւ քաղաքացիներուն միջեւ: Փաշինեան իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղած է բոլոր քաղաքացիներուն հեռու մնալ ամէն տեսակի սադրանքներէն:Նշենք, որ աւելի վաղ «Սասնայ ծռեր» խումբի զինեալներ օդ կրակած էին, որուն հետեւանքով լարուածութիւն եղած էր շրջանը հսկող ոստիկանութեան եւ քաղաքացիներուն միջեւ: Փաշինեան իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղած է բոլոր քաղաքացիներուն հեռու մնալ ամէն տեսակի սադրանքներէն: