ՀՀ Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Հայաստանի Վարչութեան Ատենապետ ՝ Սեդրակ Աճէմեանի այցելութիւնը։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդած է Վարչապետի պաշտօնակատար Փաշինեանի պաշտօնական էջը։
Կը նշուի նաեւ, որ հանդիպման ընթացքին շնորհաւորանքի խօսք հաղորդելէ բացի Աճէմեան անդրադարձած է կողմերուն միջեւ ապագայ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն մասին։
Իր կարգին Փաշինեան դրուատիքով խօսած է առհասարակ հայ կեանքին մէջ ՍԴՀԿ-ի ունեցած կարեւոր դերին, նշելով նաեւ, որ կուսակցութեան կողմէ ընտրութիւններուն վերաբերեալ յայտարարուած տեսակէտները համահունչ են, բան մը որ համագործակցութեան նոր էջ կրնայ բանալ կողմերուն միջեւ։