image
Հրատապ լուրեր:

Սարգսեանն ու Ալիեւը համաձայնած են հակամարտութեան կարգաւորման նպաստող մթնոլորտ ձեւաւորել

Սարգսեանն ու Ալիեւը համաձայնած են հակամարտութեան կարգաւորման նպաստող մթնոլորտ ձեւաւորել

Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները պայմանաւորուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման լրացուցիչ ուժականութիւն հաղորդել. անոնք նաեւ հաւատարմութիւն յայտնած են ղարաբաղեան–ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ իրավիճակի բնականոնացման գծով եւ համաձայնած են աւելցնել ԵԱՀԿ դիտորդներուն թիւը:

Նախագահները նաեւ համաձայնած են շարունակել պարբերական եռակողմ բանակցութիւնները «նոյն ձեւաչափով, ի լրումն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու աշխատանքին»: Այս մասին կը տեղեկացնէ  «ՌԻԱ Նովոստու» գործակալութիւնը, որուն համաձայն, նման յայտարարութիւն կատարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով՝ ամփոփելով Վլատիմիր Փութինի, Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպումը:

«Երեք երկիրներու նախագահները համաձայնեցուցած են եռակողմանի յայտարարութիւն, որուն մէջ կ'արտայայտուի հաւատարմութիւն քաղաքական կարգաւորման կայուն յառաջընթացի պայմաններու ստեղծման, շմփան գիծին վրայ իրավիճակի բնականոնացման եւ ԵԱՀԿ դիտորդներու թիւի բարձրացման առումով։ Մենք նախանշած ենք բանակցային գործընթացի աշխուժացման յստակ քայլեր», ըսած է Լաւրով։

Անոր համաձայն՝ վերջին օրերուն զինադադարը կը պահպանուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

Քրեմլինի կայքին վրայ լոյս տեսած հաղորդագրութիւնը նաեւ կը յայտնէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները հաստատած են 16 մայիսի Վիեննայի հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները՝ ուղղուած հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակի կայունացման ու խաղաղ կարգաւորման առաջընթացին նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորման: