Ազգային ժողովին ներկայացուած կառավարութեան ծրագրի հաստատումէն ետք, «Հրապարակ» թերթի հաղորդած տեղեկութեամբ, Սամվէլ Կարապետեանը 300 միլիոն տոլարի ներդրում պիտի կատարէ ՀՀ տնտեսութեան մէջ` շինարարական վերելք ապահովելու, տնտեսական դաշտը մեռեալ կէտէն շարժելու համար:
«Սակայն, ի տարբերութիւն ամերիկահայ Քրք Քրքորեանի «Լինսի հիմնադրամի», «ռուսահայ» Սամվէլ Կարապետեանի գումարներով պիտի փորձեն կառուցել «Հին Էրիւանը», որպէս պատմամշակութային ուրոյն դիմագիծ` յարակից պրոյեկթներով», կը գրէ թերթը:
Յիշեցնենք, որ քաղաքապետ եղած ժամանակ Կարապետեան նման յուշագիր մը ստորագրած էր Սամվէլ Կարապետեանի հետ, որ, սակայն, կեանքի չկոչուեցաւ Կարապետեանի հրաժարականի պատճառով: