image

Սամվէլ Կարապետեան 300 միլիոն տոլարի ներդրում պիտի ընէ ՀՀ տնտեսութեան մէջ.«Հրապարակ»

Սամվէլ Կարապետեան 300 միլիոն տոլարի ներդրում պիտի ընէ ՀՀ տնտեսութեան մէջ.«Հրապարակ»

Ազգային ժողովին ներկայացուած կառավարութեան ծրագրի հաստատումէն ետք, «Հրապարակ» թերթի հաղորդած տեղեկութեամբ,  Սամվէլ Կարապետեանը 300 միլիոն տոլարի ներդրում պիտի կատարէ ՀՀ տնտեսութեան մէջ` շինարարական վերելք ապահովելու, տնտեսական դաշտը մեռեալ կէտէն շարժելու համար:

«Սակայն, ի տարբերութիւն ամերիկահայ Քրք Քրքորեանի «Լինսի հիմնադրամի», «ռուսահայ» Սամվէլ Կարապետեանի գումարներով պիտի փորձեն կառուցել «Հին Էրիւանը», որպէս պատմամշակութային ուրոյն դիմագիծ` յարակից պրոյեկթներով», կը գրէ թերթը: 

 Յիշեցնենք, որ քաղաքապետ եղած ժամանակ Կարապետեան նման յուշագիր մը ստորագրած էր Սամվէլ Կարապետեանի հետ, որ, սակայն, կեանքի չկոչուեցաւ Կարապետեանի հրաժարականի պատճառով: