Սահմանին հակառակորդի կողմէ 45 խախտում եւ 400 կրակոց արձանագրուած է
Ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանին, անցած գիշեր, հակառակորդը հրադադարի պայմանը խախտած է շուրջ 45 անգամ, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 400 կրակոց: Այս մասին կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան կայքը։