Ատրպէյճանցի զինծառայողները մօտ 30 վայրկեան դիրքերու ուղղութեամբ կրակոցներ արձակած են, որ գիւղին մէջ չէ լսուած: Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած է Կութի գիւղապետ Սիմա Չիտչեանը:
«Գիւղում կրակոցներ չեն լսուել, ինձ Սոթքից են յայտնել, որ մօտ 30 րոպէ դիրքային հատուածում կրակոցներ են հնչել: Այս պահին ամէն ինչ հանգիստ է»,-ըսած է ան:
Յիշեցնենք՝ 12 Մայիսին թշնամին խախտելով հայ-ատրպէյճանական սահմանը՝ քանի մը քիլոմեթր Սիւնիքի, Գեղարքունիքի մարզերու հատուածներուն մէջ առաջ եկած է, մինչ օրս անոնք առաջ եկած հատուածներուն մէջ են եւ ետ չեն գացած։
Յիշեցնենք նաեւ, որ 6 Յունիսին Կութ գիւղի հովիւի մօտէն թշնամին գողցած էր գիւղի բնակիչներուն պատկանող մօտ 80 կով, ան նաեւ կրակած էր հովիւի ձիուն։ Մինչեւ այժմ թշնամին դեռ կովերը չի վերադարձներ: