Թուրքիա- («Հիւրրիյթ Տէյլի Նյուզ»- Պոլիս)- Թուրքիա-Սուրիա սահմանին մօտ ռուսական օդանաւի վրայ խոցման դէպքէն ետք Թուրքիոյ սակարանի բաժնետոմսերը 4,39 տոկոսով ինկած են: Այս մասին կը գրէ Պոլիս հրապարակուող «Հիւրրիյէթ»ը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ ապահովագրութեան պարտքի ծախսերը բարձրացում գրանցած են: Թուրքիոյ գլխաւոր սակարանը (արժէթուղթի շուկան), «the Bist 100»ը օրը փակեց 76,242,98 կէտով, որ նման է 1 Նոյեմբերի ընտրութիւններէն առաջ համընկնող Հոկտեմբերին արձանագրուած ցած մակարդակներու պատկերին: Թէեւ ընդհանուր առմամբ այդ նուազումը քիչ մը վերականգնուեցաւ, նախկին ֆինանսներու նախարար Մեհմէտ Շինշէքի նոր գրասենեակի ստանձնումով, ինչպէս մեկնաբանեցին հետազօտողները: Թուրքիոյ հնգամեայ ապահովագրութեան պարտքի ծախսը նոյնպէս բարձրացած է ամենաբարձր մակարդակին Նոյեմբերի կէսէրէն ի վեր, ըստ շուկայի տուեալներուն եւ թրքական լիրան ալ կորսնցուց տոլլարի առջեւ 0,6 տոկոսով: Թուրքիոյ գլխաւոր արժէթուղթի շուկայի կտրուկ սուզուելուն հիմնական պատճառը կապուած էր Ռուսիոյ ճգնաժամին, ըսած է միաւորեալ անվտանգութիւններու հետազօտող տնօրէնը (Integral Securities Research-ի տնօր)՝ Թունճայ Թուրճուսու: Թերթը նաեւ կը գրէ, որ Ռուսաստանի գլխաւոր սակարանը նոյնպէս նուազած է շուրջ 3,5 տոկոսով` 24 Նոյեմբերին երկու երկիրներու միջեւ աճող լարուածութիւններու ազդեցութեամբ: