image

Ռուսական Օդանաւի Օդաչուին Սպաննող Չէլիքը Յայտնուած Է

Ռուսական Օդանաւի Օդաչուին Սպաննող Չէլիքը Յայտնուած Է

Անգարա- («Հուրրիյէթ Տէյլի Նիւզ»-Պոլիս)- Ռուս օդաչուի սպաննութեան համար Ռուսիոյ կողմէ պահանջուած թուրք Ալփարսլան Չէլիքը յայտնուած է Պոլսոյ մէջ թաղման արարողութեան մը ժամանակ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հուրրիյէթ»ը, նշելով, որ Չէլիք Յունուար 27-ին լրագրողներուն յայտնած է, որ ինք Սուրիան եկած է ներկայ գտնուելու MHP-ի Պոլսոյ Ֆաթիհ թաղամասի գրասենեակի ղեկավար Իպրահիմ Քիւչուքի թաղման արարողութեանը, որ սպաննուած էր ռուսական օդային յարձակումներու հետեւանքով, Սուրիոյ մէջ թուրքմէնական լեռներուն վրայ կռուելու ժամանակ: Աղբիւրի համաձայն, Չէլիքը նաեւ յայտնած է, որ ինք դարձեալ պիտի վերադառնայ Սուրիա՝ Տահէշի դէմ պայքարելու համար:

«Հուրրիյէթ» կը նշէ, որ Չէլիք օդանաւի վարբերումէն ետք տեսաերիզի միջոցաւ հանդէս գալով, արդարացուցած էր ռուս օդաչու Օլկէ Փէշքովի սպաննութիւնը՝ ըսելով, որ օդաչուն նախքան Թուրքիոյ կողմէ օդանաւի վար բերուիլը ռումբեր կը տեղացներ թուրքմէն քաղաքացիներուն վրայ, որու հետեւանքով մեծ թիւով գոհեր եւ վիրաւորեալներ եղած են, աւելցնելով, որ «վրէժխնդրութիւնը իր ամենաբնական իրաւունքն էր»:

Այս կապակցութեամբ, Անգարայի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Անտրէյ Քարլովը յայտնած էր, որ Փէշքովի վրայ կրակող անձը թուրք քաղաքացի Չէլիքն էր եւ Մոսկուան 2015-ի Դեկտեմբերի 30 թ.ին Անգարայէն պահանջած էր ձերբակալել զայն:

Աւելի ուշ ռուսական լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ Սուրիոյ իշխանամէտ ուժերու կողմէ ռուսական օդուժի օգնութեամբ Յունուար 24-ին Ռապիհա քաղաքի վերագրաւումէն ետք, ռուս զինուորները Փէշքովի վրէժխնդրութեան նպատակով կը փնտռէին Չէլիքը:

Կը նշուի, որ Չէլիքը որդին է  Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (MHP) կողմէ ընտրուած նախկին թաղապետի: