image

Օդանաւի արկած Լիբանանի մէջ. Զոհերուն մէջ կայ հայորդի մը

Օդանաւի արկած Լիբանանի մէջ. Զոհերուն մէջ կայ հայորդի մը

Լիբանանի մէջ օդանաւու արկած մը գրանցուած է։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն:

Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ արկածին հետեւանքով զոհուած են անձեր, որոնցմէ մին ազգութեամբ հայ է։

Կը նշուի, որ արկածը եղած է Լիբանանի Ղոսթա լեռնային շրջանին մէջ, եւ օդանաւը (որ կը պատկանի Open Sky Aviation ընկերութեան եւ նախատեսուած է ներքին փոքր թռիչքներու) բախած է լերան մը, որուն հետեւանքով ալ  ինկած է եւ օդանաւուն վրայ եղող ուղեւորները տեղւոյն վրայ մահացած են։

Դէպքի վայր հասած են «Քաղաքացիական պաշտպանութեան» մարմնի անդամներ եւ բացուած է հետաքննութիւն։

Աւելի ուշ եւ յենուելով մեր աղբիւրի տեղեկութիւններուն պիտի ներկայացնենք  զոհուած հայորդիին անունը։