Տեսահսկման խցիկի կողմէ արձանագրուած եւ համացանցի վրայ յայտնուած է այն պահը, երբ Սոչիի բնակիչը կը կրակէ դատական կարգադրիչներու վրայ, որոնք եկած են կատարելու անոր ինքնակամ կառոյցը քանդելու դատարանի որոշումը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստին»:
Չորեքշաբթի ցերեկը Քրասնոտարի երկրամասի ՆԳՆ ԳՎ-ն յայտարարած է Սոչիի Ատլերի շրջանին մէջ կասկածեալի ձերբակալման մասին, որ, ստացած հաղորդագրութեան համաձայն, կրակ բացած է դատական կարգադրիչներու վրայ՝ բնակիչներու վտարման ժամանակ: Իշխանութիւններու տուեալներով, այս հասցէին վրայ գտնուող շէնքերը ինքնակամ կառոյցներ են եւ դատարանի որոշմամբ քանդման ենթակայ են: Երկու դատական կարգադրիչները ստացած վնասուածքներէն տեղւոյն վրայ մահացած են: Դէպքի վայր ժամանած ոստիկանութեան ջոկատը բերման ենթարկած է 60-ամեայ տեղացի բնակիչը եւ տեղափոխած հերթապահ մաս: Քննչական կոմիտէն քրէական գործեր յարուցած է արդարադատութիւն իրականացնող անձանց կեանքի նկատմամբ ոտնձգութեան մասին եւ երկու կամ աւելի անձանց դէմ մահափորձ կատարելու մասին:
Համացանցի մէջ յայտնուած քատրերուն մէջ կ'երեւայ, թէ ինչպէս հրացանով տղամարդը կրակոցներ կ'արձակէ մարդոց ուղղութեամբ:
Մահացած դատական կարգադրիչները, ըստ նախնական տեղեկութիւններու, Ալպերթ Աղոզեանն ու Անդրանիկ Մաթեւոսեանն են: Անոնք 35 եւ 36 տարեկան էին: Հրաձիգը 61-ամեայ Վարդան Քոչեանն է: