image

Ինքնաշարժը յայտնուած է Աղստեւ գետին մէջ

Ինքնաշարժը յայտնուած է Աղստեւ գետին մէջ

16 Յուլիսին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Տաւուշի մարզը:  Այս մասին յայտնած է  shamshyan.com-ը:

Ժամը 18:50-ի սահմաններուն, 33-ամեայ Վահան Մարտիրոսեանը՝ իր վարած Opel Astra մակնիշի ինքնաշարժով, Դիլիջան-Իջեւան ճանապարհի 15 քմ հատուածին, դեռ չպարզուած հանգամանքներով, դուրս ելած է ճանապարհի երթեւեկելի գօտիէն, բախած է ճամբեզրի պեթոնէ արգելապատնէշին, եւ մօտ 5 մեթր բարձրութենէն գլխիվար ինկած է Աղստեւ գետ: 

Հրշէջ-փրկարարները յատուկ սարքերու օգնութեամբ ինքնաշարժը դուրս հանած են գետէն: 

Փաստի առթիւ Ճանապարհային Ոստիկանութեան կողմէ նիւթեր կը նախապատրաստուին: