image

PKK- ի Մաս Կազմելու Գծով Մեղադրանք Գերմանիա Բնակող Թուրքիոյ Քաղաքացիի Մը Դէմ

PKK- ի Մաս Կազմելու Գծով Մեղադրանք  Գերմանիա  Բնակող Թուրքիոյ   Քաղաքացիի Մը Դէմ

Գերմանիա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Գերմանիոյ  տեղական դատարանի մը    դատախազը պաշտօնապէս մեղադրած է 58-ամեայ թուրք քաղաքացի մը, որ անդամ է «օտարերկրեայ ահաբեկչական կազմակերպութեան» եւ դեր կը կատարէ PKK- ի մէջ:Այս մասին կը գրէ «Տէյլի Սապահ» նշելով, որ  դատախազը  յայտարարած է, որ Պատրալտին  Ք. ( որու ազգանունը չէ տրուած գաղտնութեան օրէնքի համաձայն) կը  մեղադրուի   PKK- ի Գերմանիոյ տարածքային ղեկավար   ըլլալուն մէջ:Աղբիւրը կը նշէ, որ Պատրալտին պատասխանատու էր PKK- ի  կողմէ  իրականացուած տարբեր   գործողութիւններուն,որոնք  կատարուած են  Գերմանիոյ  տարբեր շրջաններուն մէջ: Այդ  գործունէութեան ծիրին մէջ է նաեւ  նուիրատուութիւններ հաւաքելն ու քարոզչական միջոցառումներ կազմակերպելը: Ըստ  աղբիւրին 58-Ամեայ տղամարդը   իր գործունէութիւնը տարածած է PKK-ի  Գերմանիոյ Պրէմէն, Հաննովըր եւ Համպուրկ քաղաքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Տուսըլտրոֆի, Քէօլընի   եւ  Պիյէլֆիլտ  մէջ:Պատրալտին Ք.ի դէմ հաղորդագիր ներկայացուած է, թէ ան ցուցմունքներ տուած է  պաշտօնով ստորադաս անդամներու եւ հաշուետուութիւն պատրաստած  եւ ներկայացուցած է կազմակերպութեան աւագներուն: