«Իզմիրլեան» ԲԿ-ի ղեկավար, բժիշկ-վնասուածքաբան, փրոֆեսոր Արմէն Չարչեանին Յատուկ քննչական ծառայութիւնը որոշում կայացուցած է որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու մասին։ Այս մասին յայտնած է անոր փաստաբան Էրիկ Ալեքսանեանը։
Միեւնոյն ժամանակ քննիչը որոշում կայացուցած է Չարչեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու վերաբերեալ միջնորդութիւն յարուցելու մասին։
Ըստ փաստաբանի՝ Չարչեանը չընդունիր իրեն առաջադրուած մեղադրանքը, հրաժարած է ցուցմունք տալ եւ վերջինս պնդած է, որ իր նկատմամբ իրականացուող հետապնդումն իր մէջ կը պարունակէ քաղաքական երանգներ։