Գերմանիա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Գերմանիոյ տեղական դատարանի մը դատախազը պաշտօնապէս մեղադրած է 58-ամեայ թուրք քաղաքացի մը, որ անդամ է «օտարերկրեայ ահաբեկչական կազմակերպութեան» եւ դեր կը կատարէ PKK- ի մէջ:Այս մասին կը գրէ «Տէյլի Սապահ» նշելով, որ դատախազը յայտարարած է, որ Պատրալտին Ք. ( որու ազգանունը չէ տրուած գաղտնութեան օրէնքի համաձայն) կը մեղադրուի PKK- ի Գերմանիոյ տարածքային ղեկավար ըլլալուն մէջ:Աղբիւրը կը նշէ, որ Պատրալտին պատասխանատու էր PKK- ի կողմէ իրականացուած տարբեր գործողութիւններուն,որոնք կատարուած են Գերմանիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ: Այդ գործունէութեան ծիրին մէջ է նաեւ նուիրատուութիւններ հաւաքելն ու քարոզչական միջոցառումներ կազմակերպելը: Ըստ աղբիւրին 58-Ամեայ տղամարդը իր գործունէութիւնը տարածած է PKK-ի Գերմանիոյ Պրէմէն, Հաննովըր եւ Համպուրկ քաղաքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Տուսըլտրոֆի, Քէօլընի եւ Պիյէլֆիլտ մէջ:Պատրալտին Ք.ի դէմ հաղորդագիր ներկայացուած է, թէ ան ցուցմունքներ տուած է պաշտօնով ստորադաս անդամներու եւ հաշուետուութիւն պատրաստած եւ ներկայացուցած է կազմակերպութեան աւագներուն: