image
Հրատապ լուրեր:

Ալիեւի ազգականուհիին դէմ դրամի լուացման թեմայով ծանր մեղադրանքներ

Ալիեւի ազգականուհիին դէմ դրամի լուացման թեմայով ծանր մեղադրանքներ

 

Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ կոռուպցիայի լուսաբանման նախագիծը (OCCRP) բացայայտած է Ատրպէյճանէն 14 մլն ֆունտ սթերլինի չափով գումար դուրս բերած ամուսիններու անունները:

Ինչպէս ըսուած է OCCRP-ի հաղորդագրութեան մէջ, անոնք են՝ երկրի նախկին նախագահ Հէյտար Ալիեւի եղբայր, ակադեմիկոս Ճալալ Ալիեւի դուստր Իզզեթ Ճաւարովան եւ անոր ամուսին Սուլէյման Ճաւատովը:

OCCRP-էն յայտնած են, որ Ճաւատովայի ինքնութիւնը, որ յայտնի է տիճէյ Միքայէլա Ճաւ անունով, յաջողած են պարզել Transparency International հակակոռուպցիոն կեդրոնի բրիտանական բաժանմունքի հետ համատեղ ջանքերու շնորհիւ: Նշուած է, որ կինը իր բեմական կեղծանունը ստացած է 22-ամեայ դստեր՝ Միքայէլայի անունէն:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ամուսինները վերջին մի քանի տարուան մէջ յայտնուած են Մեծ Բրիտանիոյ յանցաւորութեան դէմ պայքարի ազգային գործակալութեան (NCA) հետաքննութեան կեդրոն՝ կապուած միլիոանաւոր ֆունտ սթերլին գումարի ծագման հետ:

Գերատեսչութեան տուեալներով՝ Ճաւատովները 20 «մութ» (հիմնական՝ օֆշորային) ընկերութենէ կազմուած ցանց օգտագործած են՝ բրիտանական դրամատուներուն մէջ գործող հաշուէհամարներուն 13.9 մլն ֆունտ սթերլին (19.6 մլն տոլար) փոխանցելու համար: Գերատեսչութեան քննիչները 6 ընկերութիւն բացայայտած են, որոնք ներգրաւուած են «Ատրպէյճանի մէջ փողերու լուացման մեքենայի» գործունէութեան:

NCA-ն ատրպէյճանցի ամուսինները կը մեղադրէ տարբեր երկիրներու մէջ գործող ընկերութիւններու ցանցի միջոցով փողերու լուացման գործընթաց իրականացնելու մէջ: