image

Պիտի աւարտի՞ Լիբանանի «ելեկտրականութեան Գողգոթան»

Պիտի աւարտի՞ Լիբանանի «ելեկտրականութեան Գողգոթան»

Այսօր կարեւոր օր է Լիբանանցի ժողովուրդին համար, այն իմաստով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գլխաւորած կառավարութեան նիստը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի երկրի ելեկտրական հոսանքի տագնապը լուծելու միտուած ծրագրի մանրամասն քննարկման նաեւ վաւերացման:

Նոյն խնդրի վերաբերեալ խօսած է Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն, որ նշած է, որ այսօր մարաթոնային օր է կառավարութեան համար եւ երկրի քաղաքական ղեկավարները կոչուած են տէր ըլլալու իրենց յանձնարարութեան, ինչպէս նաեւ մանրամասնօրէն քննարկելու Լիբանանի համար պատրաստուած ելեկտրական հոսանքի տագնապի լուծման համար նախատեսուած ծրագիրը:

Կը նշուի նաեւ, որ այս ծրագրի հիմամբ, յառաջիկայ մի քանի տարիներուն Լիբանան վերջնականապէս լուծած պիտի ըլլայ ելեկտրական հոսանքի տագնապը:

Յայտնենք, որ երկար տարիներէ ի վեր Լիբանանի պետական ելեկտրականութիւնը չի բաւարարեր քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ հետզհետէ բնակչութեամբ աճող քաղաքներու պահանջները, որուն հետեւանքով ալ լիբանանցի քաղաքացիներ ստիպուած կ'ըլլան անհատական նախաձեռնութեան հիմամբ տեղադրուած շարժիչներէ ելեկտրակնութեան հոսանք գնել, պարտաւորուած ըլլալով վճարել երկու ուղղութեամբ, մէկը՝ կառավարական հոսանքին, միւսը՝ անհատական հիմքերով տրամադրուած հոսանքին: