Այսօր երկօրեայ այցով Հայաստան ժամանած է Պելառուսի զինուած ուժերու հրթիռային զօրքերու եւ հրետանիի պետ, զօրավար-հազարապետ (կեներալ մայոր) Կենատի Կազլովսքիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն կը նշեն, որ պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի զինուած ուժերու, զօրքերու եւ մարտական միջոցներու ինքնակառավարման ու գործողութիւններու պատրաստութեան կազմակերպման հարցերով աշխատանքային հանդիպման: