Սուրիա- Նախօրօք տեղեկացուցած էինք, թէ երէկ յետմիջօրէին ծանր հրթիռարձկումներ կատարուած են Հալէպի «Նոր Գիւղ» թաղամասին վրայ: Այսօր հաղորդուեցաւ, որ ռմբակոծութիւններուն հետեւանքով զոհուածներուն թիւը հասած է 9 -ի: Նշենք, որ զոհերուն մէջ է նաեւ 3 անձերէ բաղկացող ընտանիք մը: Լուրին հետ համատեղ կը հրապարկենք «Նոր Գիւղ» («Հայ Ալ Միտան») շրջանէն նոր առնուած լուսանկարներ: Աղբիւրը ՝ inews:

