Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան 100-ամեայ յոբելեանի առթիւ, ԱՀԱԸ Հայաստանի մասնաճիւղը եւ Action արուեստանոցը կը ներկայացնեն Հայ Աւետարանական արուեստագէտներու գործերու վիրտուալ ցուցահանդէսը` 360° համայնապատկերներով. Կը յայտնէ amaa.am-ը:
Ծրագիրը թոյլ կու տայ «շրջիլ» ցուցահանդէսի պատկերազարդ սրահին մէջ, ուր արուեստի գործերէն իւրաքանչիւրին վրայ սեղմելով` հնարաւոր է դիտել այն մեծ չափերով: Տեխնիկական հարուստ գործիքակազմի շնորհիւ web -յաւելուածը կ´աշխատի նաեւ առցանց իրականութեան համար նախատեսուած CardBoard, Gear VR եւ այլ multimedia «ակնոցներով»:
Նորարարական հետաքրքիր լուծումներով յագեցած թուային այս ցուցահանդէսը եռաչափ տարածութեան մէջ կը պատկերէ ՀՀ Նկարիչներու միութեան սրահին մէջ 2018թ. սեպտեմբեր 26-էն հոկտեմբեր 1 ցուցադրուած ստեղծագործութիւնները, որոնց շարքին մէջ առկայ են ինչպէս տարբեր ոճերու կտաւներ, այնպէս ալ լուսանկարներ ու քանդակներ, ժամանակակից արուեստի նմուշներ:
Նշենք, որ ատոնցմէ շատերը բազմիցս ցուցադրուած են նաեւ արտերկրի մէջ: Ներկայացուած աշխատանքները Հայաստանի մէջ մէկտեղուած էին աշխարհի տարբեր երկիրներէ` Ֆրանսայէն, Սուրիայէն, Ամերիկայէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն, Աւստրալիայէն եւ այլն: ՀՀ Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցի աջակցութեամբ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն յատուկ ցուցահանդէսի համար բերուած էին ճանչցուած նկարիչ Արմենակ Միսիրեանի (Արմիս) աշխատանքները, որուն ցուցահանդէսին գլխաւոր համադրողը Վրէժ Քասունին անուանեց «Հայկական Մոտիլեանի»` CrossNews.am-ին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին:
Աւելցնենք միայն, որ նախորդ տարի ԱՀԱԸ Հանրային կապերու բաժինը թողարկած էր Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ 170-ամեայ ազգանուէր ու բազմոլորտ առաքելութեան մասին պատմող առաջին առցանց ցուցահանդէսը: Այն հասանելի է 360.amaa.am հասցէին:
Սուրէն Սահակեան
ԱՀԱԸ Հայաստանի հանրային կապերու պատասխանատու