image

Մեծ շուքով բացում. Տեղի ունեցած է Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի բացման արարողութիւնը

Մեծ   շուքով  բացում. Տեղի ունեցած է Ռաուտայի Մխիթարեան   վարժարանի բացման   արարողութիւնը

Ուրբաթ  օր տօնական  մթնոլորտի  մէջ    տեղի  ունեցած է   բացումը  Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանին։ Այս   մասին «Արեւելք»ին     տեղեկութիւն  փոխանցեց       վարժարանին մօտիկ  կանգնող աղբիւր մը։  

Մեր  աղբիւրին համաձայն, վարժարանի մայր մուտքի  մօտ      վերանորոգուած  շէնքի   ժապաւէնին հատումէն ետք հանդիսաւոր արարողութեան      մասնակից  պաշտօնական  հիւրերն ու անձնաւորութիւնները  անցած  են        սրահ, ուր   տեղի ունեցած է  պաշտօնական հանդիսութիւն եւ խօսքերով հանդէս  եկած են   յատուկ  այս առթիւ   ներկայ  եղող  հայ  թէ օտար  պատասխանատուներ։

Նշենք,  որ   վարժարանի  բացման  հանդիսութեան  հովանաւորն էր Մխիթարեան Միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ՝ արհիապատիւ Հայր Լեւոն Արք. Զէքիեան,  իսկ   հանդիսութեան  նախագահողը  Պրն. Իմատ Աշքար։

Հանդիսութեան ներկայ էր  Պէյրութի Պատրիարքական թեմի փոխանորդ Գերպ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ. Վրդ. Մուրատեան, Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի մէջ Մխիթարեան Միաբանութեան մեծաւոր Գեր. Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սիւլահեան, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեան,  հիւպատոս Պրն. Լէոնար Ապաճեան, Լիբանանի Կաթողիկէ Վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար Հայր Պութրոս Ազար,  հայ  եւ   արաբ գերապատիւ վարդապետներ, առաքինազարդ քոյրեր, Ժտէյտի-Պուշրիէ շրջանի քաղաքապետ Պրն. Անթուան Ժպարա, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ բարեկամներ։

Հանդիսութեան   ընթացքին, ի  շարս  այլ  պատասխանատուներու,  խօսքերով հանդէս  եկած են  Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի մէջ Մխիթարեան Միաբանութեան մեծաւոր Գեր. Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սիւլահեան  եւ        վարժարանի  տնօրէնուհի  տիկին  Ռիթա  Պոյաճեան։

(Երկու  պատասխանատուներուն  այս առթիւ արտասանած  խօսքերը  պիտի ներկայացնենք   աւելի ուշ)։

Յիշեցնենք,  որ Մխիթարեան      միաբանութեան  անմիջական  նեցուկով  իր դռները առաջին անգամ  ըլլալով     բացող   վարժարանի  աշխատանքներուն մօտէն կը հետեւի Միաբանութեան Միջին Արեւելքի մեծաւոր գերյարգելի Հայր Մեսրոպ Վրդ. Սիւլահեան, իսկ տնօրէնութիւնը  ստանձնած է      Լիբանանի     հայկական կրթական  ոլորտին մէջ      կարեւոր փորձ ունեցող Տիկ.   Ռիթա  Պոյաճեանը։