image

«Մեսրոպ-Մաշտոց» շքանշան ՀՄԸՄ-ին. Արամ Ա. Կաթողիկոս կարեւորեց համայհայկական այս մարմնին դերը

«Մեսրոպ-Մաշտոց» շքանշան ՀՄԸՄ-ին. Արամ Ա. Կաթողիկոս կարեւորեց համայհայկական այս մարմնին դերը

Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հովանաւորութեամբ  ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 10 փետրուար 2019-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ արժանավայել շուքով եւ պաշտօնականութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի հանդիսութիւններու եզրափակիչ ձեռնարկը:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի եւ սկաուտներու տպաւորիչ մուտքով, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ական տարազաւորներ երգեցին Լիբանանի, Հայաստանի, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգները:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Հայկ Թապաքեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ՀՄԸՄ-ի 100 տարիներու անժխտելի դերակատարութիւնն ու նուիրական առաքելութիւնը` շեշտելով, որ անիկա նորափթիթ սերունդներուն ու երիտասարդութեան համար եղաւ անսպառ աղբիւրը մարմնակրթութեան, նաեւ` ֆիզիքական, իմացական եւ բարոյական դաստիարակութիւն ջամբող իւրայատուկ դպրոց: Ան աւելցուց, որ, հակառակ 100-ամեայ տարիքին, ՀՄԸՄ յարատեւօրէն ծլարձակուող նորանոր մասնաճիւղերով կը շարունակէ մնալ երիտասարդ եւ անթառամ, կը շարունակէ իր շարքերուն մէջ ընդունիլ նորանոր սերունդներ` զանոնք դաստիարակելով եւ սորվեցնելով, որ ջահը պէտք է մնայ լուսաւոր ու բոցավառ եւ փոխանցուի սերունդէ սերունդ: 

Ապա ցուցադրուեցաւ միութեան 100-ամեակին նուիրուած տպաւորիչ եւ բովանդակալից տեսերիզ մը: Անկէ ետք Համազգայինի «Տաւիղ» համոյթը հանդէս եկաւ քանի մը նուագով` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ դիտել տուաւ, թէ 100 տարի առաջ Պոլսոյ եւ անոր արուարձաններուն մէջ քանի մը մասնաճիւղով գործող այս միութեան հիմնադիրները դժուար թէ երեւակայէին, որ 100 տարի ետք, իրենց այս միութիւնը համահայկական իր կառոյցով պիտի գործէր աշխարհի 110 քաղաքներուն մէջ, աւելի քան 25 հազար երկսեռ անդամներով, մարզական եւ սկաուտական առոյգ շարքերով: Ան դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ը սովորական միութիւն մը չեղաւ, չգործեց սովորական պայմաններու մէջ, այլ ծնունդ առաւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն, իր առաջին քայլերը նետեց նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան օրերուն առկայ բազում դժուարութիւններուն մէջ,  ապա հեռացուեցաւ իր հարազատ բնօրրանէն, գործեց սփիւռքի մէջ` սփիւռքեան իր կեդրոնները վերածելով հայրենի հողի մէկական կտորի, առանց յարմար պայմաններ ունենալու, սակայն միշտ գործեց կամաւոր բանակի սկզբունքով եւ ի շահ հաւաքականին, ազգին ու հայրենիքին: 

Եզրափակելով իր խօսքը` Գառնիկ Մկրտիչեան խօսեցաւ յառաջիկայ դարու մասին` հաստատելով, որ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը լաւատեսութեամբ կ՛ուղղուի դէպի ապագայ` գիտակցելով, որ պէտք է միշտ ըլլալ զգօն ու պատրաստ` դիմագրաւելու հայութեան սպառնացող ամէն տեսակի մարտահրաւէր: 

Ապա խումբ մը սկաուտներ ներկայացուցին քանի մը երգ` երգով ու նուագով, եւ արժանացան ներկաներուն ջերմ գնահատանքին:

 

 

Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հօր պատգամով, որուն մէջ ան հաստատեց ՀՄԸՄ-ի նկատմամբ իր սէրն ու գնահատանքը: «ՀՄԸՄ-ի մասին զանազան առիթներով իմ հայրական ջերմ սէրս եւ գնահատանքս արտայայտած եմ: Դարձեալ ՀՄԸՄ-ի մասին իմ խոր գնահատանքս արտայայտեցի 100-ամեակին առիթով: Սա պահուն, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութեան առիթով, սփիւռքի հայութեան մայրաքաղաք` Պուրճ Համուտէն, իմ խօսքս կ՛ուղղեմ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին, Պուրճ Համուտէն մինչեւ Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի` կարգ մը յիշեցումներ եւ ընդգծումներ կատարելով»:

Իր խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս լուսարձակի տակ առաւ յառաջիկայ փուլին միութենէն եղած ակնկալիքները. «100 տարիները պատմութեան կը պատկանին, եւ ՀՄԸՄ-ի առջեւ կը բացուի նուիրումի, ծառայութեան, յանձնառութեան եւ հաւաքական պայքարի նոր շրջան մը, երբ այսօր ունինք ազատ, անկախ Հայաստան, այսօր ունինք ազատ, անկախ Արցախ: Հայաստանի հզօրացումը, Արցախի անկախութեան ամրապնդումը պէտք է ՀՄԸՄ-ի կեանքին ու առաքելութեան օրակարգին վրայ մնան առաջնահերթ, միաժամանակ սփիւռքի հայութեան վերակազմակերպումը, սփիւռքի հայութեան վերակենսաւորումը դարձեալ պէտք է ՀՄԸՄ-ի ծառայութեան օրակարգին վրայ մնան` իբրեւ առաջնահերթ մտահոգութիւն: Լիբանանի հայութիւնը սփիւռքի հայութեան սիրտը հանդիսացաւ, իր դերակատարութեամբ առանցքը հանդիսացաւ, իր բոլոր կառոյցներով, եւ ես կ’ուզեմ, որ սփիւռքի հայութեան վերականգնումը սկսի Լիբանանի հայութեան վերականգնումով: Այս ծիրին մէջ եւս ՀՄԸՄ-ի դերը ես կը նկատեմ կենսական:

«ՀՄԸՄ-ը իր առջեւ ունի ծառայութեան նոր դաշտեր, պէտք է բացուի կեանքի ու ծառայութեան նոր հորիզոններու: Հետեւաբար, ես կ’ուզեմ ՀՄԸՄ-ի քայլերգին բառերը եւ նշանաբանը ուղենիշը դառնան ՀՄԸՄ-ին, ուր կ’ըսուի.

«Յառա՜ջ, նահատակ ցեղի անմահներ,
«Յառաջ անսասան,
«Յառա՜ջ անդեդեւ
«Դէպի յաղթանակ:

«Մեր ժողովուրդին երթը Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի ուրիշ նպատակ չի կրնար ունենալ, եթէ ոչ դէպի յաղթանակ:

«Եկէ՛ք, հետեւաբար, սիրելի՛ ՀՄԸՄ-ականներ ի սփիւռս աշխարհի, այս գիտակցութեամբ մասնակի՛ց դարձէք մեր ժողովուրդի հաւաքական երթին` ի խնդիր մեր ժողովուրդի յաղթական ու պայծառ ապագային», եզրափակեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ:

Ապա վեհափառ հայրապետը ՀՄԸՄ-ը պարգեւատրեց հայ դպրոցի առաջին եւ մնայուն ուսուցիչ դարձած Մեսրոպ Մաշտոցի անունով մկրտուած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, զոր յանձնեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանին` հաստատելով, որ ՀՄԸՄ-ը եղաւ նաեւ հայ դպրոց, որովհետեւ սփիւռքի մէջ պայմաններու բերումով ուր որ դպրոց չունեցանք, ՀՄԸՄ-ը դարձաւ դպրոց` տանելով մարդակերտումի, հայակերտումի եւ ազգակերտումի առաքելութիւն, նաեւ յուսալով, որ ՀՄԸՄ-ը վերանորոգ հաւատքով եւ նուիրումով շարունակէ իր հայակերտումի առաքելութիւնը:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն (Յապաւուած)