image
Հրատապ լուրեր:

Մեր պահանջները չեն փոխուած. Վարուժան Աւետիսեան

Մեր  պահանջները չեն փոխուած. Վարուժան Աւետիսեան

«Սասնայ ծռեր» խումբի անունով հանդէս  եկող Վարուժան Աւետիսեան  այսօր լրագրողներուն հետ խօսելով ըսած է, թէ իրենց պահանջները  չեն փոխուած:   Աւետիսեան նաեւ դիտել  տուած է, թէ  իրենց   գլխաւոր պահանջը նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարանն է,  վստահութեան  կառավարութեան  ստեղծումն ու  Ժիրայր Սէֆիլեանի ու  միւս քաղբանտարկեալներուն  ազատ արձակումը:  Աւետիսեան  նաեւ ըսած է, որ եթէ ոստիկանութիւնը փորձէ գրոհել  եւ բռնի ուժ կիրառել, ապա  հարիւրաւոր  զոհեր  պիտի ըլլան: Աւետիսեան  ըսած է, որ իրենք  չեն պատրաստուիր  իրենց ունեցած զէնքերը   վար դնել,նկատել տալով  նաեւ, որ եթէ իշխանութիւնները  ժողովուրդին վրայ ձեռք  բարձրացնեն, ապա  իրենք ձեռնածալ պիտի չմնան: