«Սասնայ ծռեր» խումբի անունով հանդէս եկող Վարուժան Աւետիսեան այսօր լրագրողներուն հետ խօսելով ըսած է, թէ իրենց պահանջները չեն փոխուած: Աւետիսեան նաեւ դիտել տուած է, թէ իրենց գլխաւոր պահանջը նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարանն է, վստահութեան կառավարութեան ստեղծումն ու Ժիրայր Սէֆիլեանի ու միւս քաղբանտարկեալներուն ազատ արձակումը: Աւետիսեան նաեւ ըսած է, որ եթէ ոստիկանութիւնը փորձէ գրոհել եւ բռնի ուժ կիրառել, ապա հարիւրաւոր զոհեր պիտի ըլլան: Աւետիսեան ըսած է, որ իրենք չեն պատրաստուիր իրենց ունեցած զէնքերը վար դնել,նկատել տալով նաեւ, որ եթէ իշխանութիւնները ժողովուրդին վրայ ձեռք բարձրացնեն, ապա իրենք ձեռնածալ պիտի չմնան: