image
Հրատապ լուրեր:

«Մենք՝ հայերս մէկ միասնութիւն ենք». Յարութիւն Պոշկէզէնեան

«Մենք՝ հայերս մէկ միասնութիւն ենք». Յարութիւն Պոշկէզէնեան

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի ամենաշխոյժ մասնակիցներէն էր 18-ամեայ սուրիահայ Յարութիւն Պոշկէզէնեանը:

Յարութիւնին ընտանիքը Սուրիոյ Դամասկոս քաղաքէն Հայաստան տեղափոխուած է 2016 -ի դեկտեմբերին: «Մինչ այդ Հայաստան երբեք չէի այցելած, տեղափոխուելու ժամանակ՝ մայրս առաջարկած էր այլ երկիր երթալ, ես պնդեցի, որ կ'ուզեմ այլեւս հայրենիքի մէջ ապրիլ եւ կրթութիւն ստանալ»,-ըսած է Յարութիւն՝ միաժամանակ պատմելով նաեւ  Դամասկոսի հայկական համայնքի, այնտեղ տիրող հայկական մթնոլորտի, եկեղեցիներու, դպրոցի մասին:

Հայրենիքէն դուրս գտնուելով՝ երբեք հայկականութենէն հեռու չէ եղած, յաճախած է տեղի «Թարգմանչաց ճեմարան», իսկ տան մէջ գործածուող միակ լեզուն միշտ եղած է հայերէնը:

Յարութիւնը ընկերական շրջանի մէջ մեծ սէր ու յարգանք կը վայելէ, իսկ ծրագիրին մասնակցած էր իր հինգ ընկերներու հետ: «Այստեղ շատ նոր ընկերներ ձեռք բերի, որոնց երբեք չեմ մոռնար, յոյս ունիմ, որ իրենք ալ ինծի չեն մոռնար»,- հպարտօրէն ըսած է Յարութիւնը՝ աւելցնելով, որ հայերու հետ շփուելու ժամանակ՝ լաւ կը զգայ իր անձը, անկախ անկէ, թէ ուր կը գտնուի:

Սուրիահայ երիտասարդը կը սիրէ մարզանքը՝ կը վազէ, ֆութպոլ կը խաղայ, եւ երաժշտութիւնը՝ շեփոր ու թմբուկ կը նուագէ: Սիրած զբաղմունքներէն է նաեւ խոհարարութիւնը: Նաեւ սորված է բուժական մերսում, ան ըսած է՝ բոլոր ճամբարականները արդէն գիտեն իր մերսման հմտութիւնը:

Յարութիւնը յստակ որոշած է, թէ այլեւս չուզեր Հայաստանէն հեռանալ: Կ'ուզէ ուսումը ստանալ հայրենիքի մէջ եւ նպաստել երկրի զարգացման: Արդէն համալսարանական Յարութիւնը նոր ուսումնական տարիէն պիտի սորվի Եւրոպական համալսարանի մէջ եւ իր փափաքն է դառնալ IT ծրագրաւորող:

Իսկ այն հարցին, թէ ի՞նչ տուաւ իրեն ծրագիրը, Յարութիւնը յստակ պատասխանած է. «Վստահութիւն ու հաւատ առ այն, որ մենք՝ աշխարհի բոլոր հայերս, մէկ խումբ, մէկ միասնութիւն ենք, ունինք մէկ անուն եւ այդ անունն է ՀԱՅ»: