Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը, որ այս օրերուն կը գտնուի Փանամա, դիմած է աշխարհի երիտասարդներուն՝ կոչ ընելով հրաժարիլ կեանքը առցանց տիրոյթի մէջ անցընելու գայթակղութենէն ու վայելել իրական կեանքը, գրած է Al Arabiya-ը:
«Կեանքը ամպային ծառայութիւն չէ, որ պէտք է ներբեռնել, այն նոր յաւելուած չէ, որ պէտք է բացայայտուի»,-նշած է 82-ամեայ Պապը:
Կաթոլիկներու հոգեւոր առաջնորդը երիտասարդներուն կոչ ըրած է կեանքը սիրելու այնպիսին, ինչպիսին այն կայ:
«Սուրբ Մարիամը՝ Յիսուս Քրիստոսի մայրը, Նազարէթի մէջ բնակող երիտասարդ կին էր, որ «ընկերային ցանցեր»ու մէջ չկար, ներազդող մը չէր, սակայն կրցաւ դառնալ պատմութեան մէջ ամենաազդեցիկ կինը»,-ըսած է Հռոմի պապը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Հռոմի պապը Twitter-ի մէջ ունի 44 միլիոն, իսկ Instagram-ի մէջ 5.8 միլիոն հետեւորդ: