Լիբանանեան լրատուական կայաններ օրեր առաջ գրած էին այն մասին, որ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի գաղտնի հանդիպում մը ունեցած է երկրի նախագահ զօր. Միշէլ Աունի հետ: Այս մասին այսօր յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ լիբանանեան «Ալ-ախպար» պարբերականը:
Թերթը կը նշէ, որ Հարիրի-Աուն հանդիպման ժամանակ անդրադարձ եղած է յատկապէս երկրի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն մասին եւ ցաւով արձանագրած է, որ Հարիրիի վարչապետի պաշտօնին նշանակումէն 4 ամիսներ ետք Լիբանան չէ կարողացած կառավարութիւն մը կազմել:
Ըստ թերթին, այս գաղտնի հանդիպման գլխաւոր թեման եղած է Հարիրիի վարչապետի պաշտօնին վրայ մնալու մասին քննարկումը:
Հարիրի նախագահ Աունին յայտնած է, որ ինք պիտի շարունակէ մնալ վարչապետի պաշտօնին եւ պիտի փորձէ կարեւոր ճիգեր գործադրել կառավարութիւն կազմելու օրակարգը յաջողցնելու համար:
Հարիրի նաեւ նշած է, որ ինք երբեք չէ մտափոխուած եւ երկու տարի առաջ նախագահ Աունին հետ կնքուած քաղաքական համաձայնութիւնը կը շարունակէ մնալ ի զօրու եւ ինք պիտի շարունակէ այդ ուղղութեամբ գործել Լիբանանի մէջ: