image

Լիբանանի ուսուցիչները կը պատրաստուին դասադուլի դիմե՞լ

Լիբանանի ուսուցիչները կը պատրաստուին դասադուլի դիմե՞լ

Շատ հաւանական է, որ Լիբանանի անկախ եւ պետական վարժարաններու ուսուցիչները յառաջիկայ օրերուն դասադուիլ կատարեն: Այս մասին յայտարարած է լիբանանեան VDL կայանը:

Աղբիւրը նաեւ յղում կատարելով ուսուցիչներու սենտիքային մօտիկ աղբիւրի մը, նշած է, որ անցնող օրերուն շրջանառութեան մէջ դրուած են տեղեկութիւններ, անցեալ տարի անկախ եւ պետական վարժարաններու ուսուցիչներուն կառավարութեան կողմէ յատկացուած յաւելավճարի օրինագիծը ետ կանչելու վերաբերեալ եւ այդ պատճառով է, որ ուսուցիչներու կարգ մը շրջանակներու մօտ բողոքի ալիք բարձրացած է եւ անոնցմէ շատեր եւ յատկապէս սենտիքայի մօտիկ անձնաւորութիւններ, յայտարարած են, որ այս օրէնքի չեղարկումը կանխելու նպատակով, մտադիր են բողոքի ալիք բարձրացնել եւ ատոր առաջին քայլը պիտի ըլլայ դասադուլ կատարելը: