image

Լիբանանի մէջ հին տետրակնե՞ր «կը բացուին»

Լիբանանի մէջ հին տետրակնե՞ր «կը բացուին»

Անցնող օրերուն լիբանանեան լրահոսին մէջ գլխաւոր դիրք զբաղեցուցած է անցեալ շրջանի քաղաքական կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ քաղաքական գործիչներու կողմէ եղած նիւթական չարաշահումներու խնդիրը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ VDL կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ խօսքը յատկապէս անցեալ կառավարութիւններու գործունէութեան ընթացքին աւելի քան 11 միլիառ տոլարի կորուստի մասին է:

Յիշեցնենք, որ տասը օր առաջ տեղի ունեցած խորհրդարանի քննարկումներու ընթացքին «Հըզպալլա»ի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա մէկէ աւելի առիթներով ելոյթ ունեցաւ եւ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ իրենք հետամուտ են, որ անցեալի սխալները եւ բացթողումները սրբագրուին:

Միւս կողմէ, նոյն թեմայի առումով կարեւոր պայքար սկսած են տանիլ Լիբանանի նախագահ Զօր. Միշէլ Աունի կողմնակից քաղաքական գործիչները եւ յատկապէս երկրի խորհրդարանի ելեւմտական ինչպէս նաեւ հաշուետուական յանձնաժողովի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը:

Քանաան այս առումով ուշագրաւ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով, նկատել տուած է, թէ իրենք այս խնդրին մէջ սակարկութիւններու երթալու պատրաստակամ չեն եւ պատրաստ են անուններ հրապարակել, իրավիճակը սրբագրելու նպատակով:

Յիշեցնենք, որ նոյն առումով վաղը կարեւոր մամլոյ ասուլիս մը կը սպասուի եւ այս թեմաներուն շուրջ իր կարեւոր ըսելիքը պիտի ունենայ երկրի նախկին վարչապետներէն Ֆուաատ Սինիորան:

Ըստ լրատուական աղբիւրներու, Սինիորա մանրամասն կերպով պիտի բացատրէ եւ ներկայացնէ անցեալ շրջանի ընդհանուր հաշուապահական իրավիճակը, յատկապէս իր ելեւմուտքի նախարար եւ ապա վարչապետ եղած օրերուն:

Յայտնենք, որ լիբանանեան մէկէ աւելի շրջանակներ Սինիորան կը մեղադրեն մեծ նիւթական չարաշահումներ ընելու մէջ: