Վերջին օրերուն շրջանառուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան տագնապը կրնայ յառաջիկայ օրերուն լուծման փուլ մտնել:
Այս մասին յատկապէս կը գրէ «Ալ-Ժումհուրիա» օրաթերթը, նշելով, որ երկրի նախկին վարչապետներէն մին հանդէս եկած է նոր նախաձեռնութեամբ մը, որուն հիմամբ ալ պիտի լուծուի ներկայիս կառավարութեան կազմութեան առջեւ գլխաւոր արգելք հանդիսացող սիւննի նախարարներու հարցը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, թէ նախագահ Աուն պիտի զիջի իր բաժին սիւննի նախարարներէն մէկը եւ զայն պիտի փոխարինէ 8 Մարտի սիւննիներուն մօտիկ եղող անձնաւորութիւն մը, որ պիտի ըլլայ չափաւորական եւ բոլորի կողմէ ընդունելի անձ մը:
Թերթը, որ նախաձեռնութեամբ հանդէս եկող վարչապետին անունը չի փոխանցեր, կը յիշեցնէ նաեւ, որ անցեալ օրերուն Լիբանանի նախկին նախարարներէն գործարար Նաճիպ Միքաթի այցելած էր Մոսկուա: