image

Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը ... կ՚ուշանայ

Լիբանանի   կառավարութեան  կազմութիւնը ... կ՚ուշանայ

Անցնող օրերուն երեւան  եկած     դրական  մթնոլորտէն  ետք  Լիբանանի  կառավարութեան կազմութեան խնդիրը  դարձեալ յետաձգուեցաւ։  Այս  մասին տեղեկութիւնը    յայտնեց   Lebanon 24 կայքը նշելով, որ   շատ    հաւանական  է, որ      Լիբանանի  նոր կառավարութիւնը      Ամանորի  տօնէն       օրեր  առաջ։ Կը  նշուի   նաեւ, որ    անցնող օրերուն   երեւելի դարձած  լաւատեսական մթնոլորտը  խափանուած  էր,    սիւննի  համայնքի  անկախ   երեսփոխաններու    վերջին պահուն   կայացուած  համաձայնութենէն   քաշուելէն ետք։

 Անկախ   սիւննիները, որոնք վերջին շրջանին       պահանջած  էին  իրենց  ներկայացուցիչ ունենալ  կառավարութեան կազմէն    ներս  դժգոհ մնացած էին    զօր.  Ապպաս Իպրահիմի      Ճիգերով  իրականացուած  համաձայնութենէն      իրենց կողմէ ներկայացուած  թեկնածուն  ( թեկնածուին անունն էր Ժաուատ  Ատրա)  համարելով  նախագահ Աունի   մօտիկ համարուող անձնաւորութիւն մը։

 

   Նշենք, որ   անցեալ  Մայիսին  տեղի ունեցած   ընտրութիւններէն     ետք    Լիբանան կը շարուանկէ   մնալ առանց  կառավարութեան, իսկ վարչապետ  Հարիրիի    ղեկավարած   գործող  կառավարութիւնը  կը կատարէ      «առժամեայ  կառավարութեան»     պարտականութիւնները։