image

Լիբանանի Համայնավար կուսակցութիւնը երէկ բողոքի ցոյց կատարեց

Լիբանանի Համայնավար կուսակցութիւնը երէկ բողոքի ցոյց կատարեց

Լիբանանի Համայնավար կուսակցութիւնը երէկ բողոքի մեծ ցոյց մը իրականացուց Պէյրութի կեդրոնական հրապարակին վրայ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» կայանը, յիշեցնելով, որ ցոյցի ընաթցքին ելոյթ ունեցած է կուսակցութեան առաջին քարտուղար Հաննա Ղարիպ:

Հաննա Ղարիպ իր խօսքին մէջ նշած է, որ բողոքի այս ցոյցը առաջին քայլն է եւ իրենք հետամուտ պիտի ըլլան յառաջիակային բողոքի այս ցոյցը շարժումի վերածելու:

Ղարիպ նաեւ խօսեցած է երկրին մէջ առկայ տնտեսական ծանր իրավիճակին մասին, քաղաքացիներէն պահանջելով յառաջիկային եւս մասնակցիլ Համայնավար կուսակցութեան կազմակերպած բողոքի ցոյցերուն:

Ղարիպ նաեւ ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցած է եւ քննադատած է ներկայ հրաժարեալ կառավարութեան գործունէութիւնը եւ տնտեսական քաղաքականութիւնը: