image

Լիբանանցի քրիստոնեայ ղեկավարը պայթեցուցած է քաղաքական ռումբ մը. «Եթէ իրավիճակը այսպէս մնայ նախագահ դառնալուս յոյսերը շատ բարձր են»

Լիբանանցի քրիստոնեայ ղեկավարը պայթեցուցած է քաղաքական ռումբ մը. «Եթէ իրավիճակը այսպէս մնայ նախագահ դառնալուս յոյսերը շատ բարձր են»

Քրիստնէական «Ալ-Մարատա» շարժումի ղեկավար Սըլայման Ֆրանժիյէ հարցազրոյցի մը միջոցով քաղաքական ռումբ մը պայթեցուցած է:

Ֆրանժիյէ, որ խօսած է լիբանանեան «Ալ-Ախպար» օրաթերթին, նշած է, որ եթէ երկրին մէջ իրավիճակը այս ընթացքով շարունակուի, ապա իր նախագահ դառնալու յոյսերը շատ բարձր են:

Ան խօսելով Լիբանանի ապագայի հեռանկարներուն մասին, նշած է, որ Լիբանան մեծ յոյսեր ունի, յատկապէս նաւթի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ վերակառուցման գործընթացներուն մասնակցելու վերաբերեալ: Ան նաեւ նկատել տուած է, որ այս օրերուն երկիրը կ'ապրի տնտեսական, քաղաքական ճգնաժամ մը, որ կրնայ պատճառ դառնալ յաւելեալ անկումներու:

Ֆրանժյիէ պատասխանելով հարցումի մը, կապուած՝ Ֆրանժիյէ-Ժաաժա վերջերս իրագործուած հաշտութեան խնդրին, ըսած է, որ այդտեղ ոչ մէկ քաղաքական համաձայնութիւն կայ եւ եղածը հաշտութեան գործընթաց մըն է, որ վաղուց պէտք է իրագործուէր:

Ֆրանժիյէ նաեւ քննադատած է Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աունի փեսային՝ երկրի Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի վարքը, նշելով, որ ան վստահութիւն չունի իր գործընկերներուն նկատմամբ եւ այդ պատճառով եւս ամէն գնով կը փորձէ խանգարել նոր կառավարութեան կազմութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Սըլայման Ֆրանժիյէ, Սամիր Ժաաժաի եւ Ժըպրան Պասիլի կողքին կը համարուի Լիբանանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն կարեւորագոյն թեկնածուներէն մին: