Լիբանանի մէջ ելեւմտական հաշիւներու եւ անցեալ քաղաքական փուլերու հետ կապուած դրամական հին հաշիւներու բացայայտման առընթեր այսօր կարեւոր տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց VDL կայանը:
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Լիբանանի նախկին վարչապետ Ֆուաատ Սինիորա այսօր մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ եւ խօսի ու պատասխանէ այն բոլոր մեղադրանքներուն, որոնք վերջին օրերուն իր դէմ կ'ուղղուին յատկապէս «Հըզպալլա» կազմակերպութեան կողմէ:
Յիշեցնենք, որ «Հըզպալլա»ի քաղաքական մէկէ աւելի պատասխանատուներ մեղադրանքներ հնչեցուցած էին Ֆուատ Սինիորայի հասցէին, յայտարարելով, որ ան ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով պատասխանատու է 11 միլիառ տոլար գումարի կորուստին:
Յայտնենք, որ այդ մեծ գումարի կորուստը տեղի ունեցած է այն օրերուն, երբ Սինիորա կը ղեկավարէր երկիրը: