image

Աւստրիոյ վարչապետէն դատապարտում՝ Թուրքիոյ դէմ

Աւստրիոյ վարչապետէն դատապարտում՝  Թուրքիոյ դէմ

Աւստրիոյ վարչապետ՝ Սեպասթիան Քուրց խորհրդատուութիւն կայացուցած է Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու հարցի շուրջ, քանի որ երկիրը կը փորձէ արտայանձնել թուրք գործարար՝ Սեզկին Պարան Քորքմազը, յայտնած է Ahval- ը:

«Անհնար է համակերպուիլ Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու ոլորտի ծանր իրավիճակին հետ»,- ըսած է Քուրցը Եւրոպական Միութեան առաջնորդներու գագաթնաժողովի նախաշեմին:

Թուրքիան կը պահանջէ արտայանձնել Քորքմազը՝ զինք Թուրքիոյ մէջ դատելու համար, մինչդեռ ԱՄՆ-ի մէջ անոր դէմ նաեւ փողերու լուացման եւ խարդախութեան մեղադրանքներ առաջադրուած են:

Քորքմազ ձերբակալուած էր Աւստրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու խնդրանքով՝ մինչեւ Ուաշինկթընի եւ Անգարայի արտայանձնման հայցերու հաստատումը: Տեղական լրատուական կայքին տուած հարցազրոյցին, գործարարը նշած է, որ չի կրնար վերահսկել, թէ որ երկրի մէջ պիտի կանգնի դատավարութեան առջեւ: «Ի հարկէ, ես կ'ուզեմ վերադառնալ իմ երկիր»,- ըսած է գործարարը: