Ֆրանսահայ մեծանուն երգիչ, շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուր հարցազրոյց տուած է Paris Match-ին: Հարցազրոյցի ընթացքին երգիչը խօսած է բեմի ու հանդիսատեսի նկատմամբ սիրոյ եւ երբեք չկոտրուելու ու չյանձնուելու մասին:
– Դուք, առողջական վիճակով պայմանաւորուած, ստիպուած եղած էք շարք մը համերգներ չեղարկել: Ինչպէ՞ս կը զգաք ձեր անձը:
– Ես նոյնիսկ ցաւի մեջ երբեք չեմ յանձնուիր, իսկ ամէնէն կարեւորը այն է, որ չեմ սիրեր դժգոհիլ: Իմ փոքրիկ ցաւերը ոչ ոք կը տեսնէ: Այսօր վարժութիւններ ընելէ ետք ես ճանապարհ պիտի ելլեմ, պիտի երթամ ներկայացման մասնակցելու եւ ես երջանիկ եմ: Ես շատ կը սիրեմ հանրութեան հետ շփուիլ: Բեմի վրայ ես իմ տան մէջ կը զգամ: Ես շատ կը սիրեմ այդ գեղեցիկ երկխօսութիւնը:
– Դուք կը խօսիք ապագայի մասին: Այդ հրաշալի է:
– Ես ամէն օր կը գրեմ: Դեռ բազմաթիւ երգեր կը սպասուին: Իմ աշխատանքը, որ իրապէս իմ կիրքն է, իմ առաջին երջանկութիւնն է` ընտանիքիս պէս: Հաւատացէք, ես չեմ ցանկանար բեմի վրայ մահանալ: Քանի դեռ կրնամ երգել եւ լաւ ժամանակ անցնել հանդիսատեսի հետ, իմ անձս այդ զգացումէն չեմ զրկեր: Իմ աշխատանքը կենսական ուժ կու տայ ինծի: Թոշակի անցնիլը մահուան նախամուտքն է, յատկապէս 94 տարեկանին:
– Եթե Դուք ըլլայիք 20 տարեկան, կ'ունենայի՞ք նոյն մօտեցումը:
– Այո՛, նոյն մօտեցումն ու նոյն ցանկութիւնը: Կեանքի մէջ դուք պէտք է իմանաք` ինչ կը ցանկանաք ընել: Եւ երբ ընտրութիւնը եղած է, նուիրեցէք անոր հիմնաւորապէս: Կարեւոր է հաւատալ սեփական աշխատանքին: Ու եթէ երիտասարդներու հնարաւորութիւնները աւելի շատ են, քան նախքան, խնդիրը նոյնն է` աշխատանք ստեղծել, քանի որ այդ բաւական բարդ է:
– Ի՞նչ կը ցանկայիք, որ հանդիսատեսը ձեզմէ ստանար իբրեւ յիշատակ:
– Կ'ուզէի՝ յիշէին իմ երգերը, այդ այնքան ալ վատ չէր ըլլար: Տեսէք` քանի արուեստագէտ կայ, որու անունը այլեւս ոչ մէկուն յայտնի է… Ահա այդ է պատճառը, որ ես չեմ հաւատար «ժառանգականութեան»:
Նիւթը՝ «Շանթնիւզ»էն