image
Հրատապ լուրեր:

«Մեր ժողովուրդը չէ պարտուած, պարտուողը Փաշինեանն է». Նախագահ Քոչարեանի հարցազրոյցը

«Մեր ժողովուրդը չէ  պարտուած, պարտուողը Փաշինեանն է».  Նախագահ  Քոչարեանի հարցազրոյցը

 

Հայաստանի երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեան ծաւալուն հարցազրոյց մը տուած է 5-րդ հեռատեսիլային ալիքին՝ անդրադառնալով Արցախեան երկրորդ պատերազմին ու անկէ ետք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին:

 

 Ստորեւ   «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք  ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանի   արտայայտած մտքերուն  ամփոփումը։Նշենք, որ ամփոփումը     տուած է  «Մէտիամաքս»  կայքը։

Պատերազմէն խուսափելու մասին

 

Պատերազմէն հնարաւոր էր խուսափիլ, անկասկած: Հայաստանի իշխանութիւնը ըրաւ ամէն ինչ պատերազմը անխուսափելի դարձնելու համար:

 

Բանակցային գործընթացքը գիտակցաբար մտցուեցաւ փակուղի, իրարամերժ յայտարարութիւններով ստեղծուեցաւ իրավիճակ մը, երբ համանախագահները նոյնիսկ, չէին հասկնար, թէ հայկական կողմը ինչ կ'ուզէր: Պատերազմը սկսուած է այն պահուն, երբ գրեթէ ոչ ոք կը կասկածէր, որ բանակցային գործընթացքը կը տապալի հայկական կողմին պատճառով:

 

Մեր իշխանութիւնները, ըստ էութեան, օրինականացուցած են Ատրպէյճանի յարձակումը Ղարաբաղի նկատմամբ: Արցախի Հանրապետութեան գոյութեան իրաւական հիմքը ազգերու ինքնորոշման իրաւունքն է, հիմա մենք մեր յայտարարութիւններով փոխեցինք եւ հարցի կարգաւորումը բերինք պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան տիրոյթ: Այս է պատճառը, որ միջազգային հանրութեան կողմէ այս պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի յարձակումը կը դիտուէր որպէս տարածքային ամբողջականութեան վերականգնում եւ պատերազմ սկսող կողմը չդատապարտուեցաւ պատերազմը սկսելու համար: «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» բանաձեւը հարցը ուղղակի տեղափոխեց հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան տիրոյթ եւ տարածքային ամբողջականութեան յարաբերութիւններու տիրոյթ: Ասոր անունը ի՞նչ է, եթէ ոչ դիւանագիտական ձախողութիւն: Այս երկու հարցին ուղղակի մեղաւորը ՀՀ վարչապետն է, որ սկսաւ «սեփական կէտէն»:

 

Եթէ ես ըլլայի, պատերազմ չէր սկսեր, չէին ըլլար դիւանագիտական այն ապուշութիւնները, որոնք անխուսափելի դարձուցին պատերազմը, երբեք չէր համարձակեր Ալիեւը սկսելու այդ պատերազմը:

 

Պատերազմը հրահրելու մասին

 

Գլխաւոր շտապի պետը 12 յունիսին զեկուցած է, որ Հայաստանը պատրաստ չէ պատերազմի, եւ անկէ յետոյ յուլիսին, Տաւուշի միջադէպը հրահրել եւ ուռճացնել անոր նշանակութիւնը, 70 հոգիի պարգեւատրել եւ խօսիլ այն մասին, որ մենք յաղթեցինք Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ, այս ի՞նչ է, եթէ ոչ պատերազմի հրահրում:

 

Հարց կ'առաջանայ, որ պաշտպանութեան նախկին նախարար՝ Դաւիթ Տօնոյեանի յայտնի թէզը, «նոր պատերազմ՝ նոր տարածքներ», որեւէ առնչութիւն ունէ՞ր Գլխաւոր շտապին հետ, թէ՞ ոչ, իրար հետ կը քննարկէի՞ն մեր հնարաւորութիւնները, թէ՞ ոչ: Վարչապետի մօտ ինչպէ՞ս կը համադրուէր ԳՇ-ի եւ ՊՆ-ի մօտեցումները: Ըստ էութեան, պաշտպանութեան նախարարի միջոցով մենք Ատրպէյճանի նկատմամբ հնչեցուցած ենք այնպիսի սպառնալիք, որու ամէնէն կարճ չէզոքացման ճանապարհը Թուրքիոյ ներգրաւուումն էր պատերազմին մէջ:

 

Այս եւս կը կատարուէր կառավարութեան անդամի կողմէն, եւ վստահաբար, վարչապետի գիտութեամբ: Այս ամէնը ստեղծած է իրավիճակ մը, երբ Ատրպէյճանին առիթ չեն ձգած յուսալու, որ դիւանագիտական ճանապարհով որեւէ բանի կարող է հասնիլ: Կարելի էր այդպիսի վարք դրսեւորում ունենալ միայն այն պարագային, երբ ունիս այնպիսի առաւելութիւն, այնքան ուժեղ ես, որ կարող ես թքած ունենալ նման կարգի նրբերանգներուն վրայ։Մեր իշխանութիւնը՝ գիտակցելով, թէ չգիտակցելով, ըրած է ամէն ինչ, որ պատերազմը անխուսափելի դառնայ:  

 

Պարտութեան պատճառներուն մասին

 

Պատերազմին մէջ ջոկատները իրենց տեղը պէտք է ունենան։ Կային ջոկատներ, որոնք շատ լաւ կռուած են, բայց ջոկատը պէտք է համալրէ, այլ ոչ թէ փոխարինէ կանոնաւոր բանակը։ Այս ճակատագրական սխալ էր եւ, կը կարծեմ, որ պատերազմի մեր պարտութեան հիմնական պատճառներէն մեկն էր։ Ըստ էութեան, մեր ճակատը հիւսիսի եւ հարաւի վրայ չդիմացաւ, անոնք մխրճուեցան մեր առաջնագիծով, հիւսիսի մէջ յաջողուեցաւ կանգնեցնել ու նոր բնագիծ կառուցել։ Հարաւի մէջ,  ընդամէնը 14 քիլոմեթրի վրայ մենք չդիմացանք, եւ առաջին, երկրորդ օրը ետ քաշուեցանք, ատրպէյճանցիները զարգացուցին իրենց գրոհը եւ ճիւղաւորուեցան։ Այդ ընթացքին մենք չկարողացանք նոր բնագիծ ձեւաւորել: Այս ամէնուն պատճառը այն էր, որ փորձ եղաւ ռազմական գործողութիւն իրականացնելու, որ կասկածելի կը թուար շարք մը զինուորականներու համար եւ ծանր հետեւանքներ ունեցաւ հայկական կողմին համար։

 

Գործողութիւնը կը կատարուէր վարչապետի ուղղակի հրահանգով եւ անոր հետեւանքով ջախջախուեցաւ հարաւ գործող բանակային զօրամասն ու Ստեփանակերտի գունդը։ Անկէ ետք հարաւի վրայ բաւարար մարտունակ ստորաբաժանումներ չունեցանք նոր բնագիծ կառուցելու համար։ Այդ ճնշումը կանգնեցնելու համար ընդամէնը պէտք էր պաշտպանուիլ 7-10 օր, բայց ընտրեցինք ճանապարհ մը, որ տարաւ այդ ուղղութեամբ զինուած ուժերու ողնաշարի կոտրուելուն: Սխալ որոշումները կայացուած են մէկ մարդու կողմէ:

 

Մեր անյաջողութիւններէն մէկը՝ փորձուած եւ փառաւոր ճանապարհ անցած հրամանատարներու չէզոքացումն էր: Զանոնք ներգրաւեցին ամենավերջը, երբ գնացքն արդէն գացած էր:

 

Ինծի համար ոչ միայն հասկնալի չէ, թէ ինչպէս Շուշին յանձնուեցաւ, այլ հարց կ'առաջացնէ, թէ ինչպէս անոնք յայտնուեցան Շուշիի մօտակայքը։ Ես այդ հարցերուն պատասխանը չունիմ։

 

Պատերազմը պէտք է կանգնեցուեր 4-րդ օրը՝ Գլխաւոր շտապի զեկոյցը ստանալէն յետոյ պիտի ընդուներ Լաւրովի ծրագիրը եւ կանգնեցներ պատերազմը: Այն ժամանակ ատրպէյճանցիք հարաւի կողմը ընդամէնը 3-4 քմ առաջ գացած էին եւ ունէինք մօտ 500 զոհ: Բայց պատերազմը կանգնեցուեցաւ 44-րդ օրը, քանի մը հազար զոհ, աւելի քան 10 հազար վիրաւոր ունենալէն ետք եւ առանց որեւէ հեռանկարի կարգավիճակով:

 

Սուտի մասին

 

Այն սուտը, որ ամէն օր կը հրամցուէր մեր ժողովուրդին պատերազմի օրերուն, այնպիսի խզում մտցուց պատերազմի նկատմամբ պատկերացումներուն մէջ Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ, որ ուղղակի կը քայքայէր մեր բանակը: Այսպիսի սուտէն յետոյ մարդիկ կը դադրին վստահելէ պետութեան, իսկ անվստահութիւնը պետութեան նկատմամբ անմիջապէս կը տարածուի զինուորին համար պետութեան ներկայացուցիչին՝ սպային նկատմամբ: Բազմաթիւ էին այն դէպքերը, երբ զինուորները չէին ենթարկուած սպային, յատկապէս մոբիլիզացիոն ռեսուրսից (զօրահաւաքի ներուժէն) : Պատճառը այդ սուտն էր, որ ոչ թէ բանակին, այլ յայտնի ՊՈԱԿ-ի (Պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններ) կողմէն կը յօրինուէր, եւ դուք գիտէք, թէ որու կ'ենթարկուի այդ ՊՈԱԿ-ը: Այս բոլորը քաղաքական իշխանութեան սխալներուն արդիւնքն է, հետեւաբար՝ մեր ժողովուրդը չէ պարտուած, մեր վարչապետը, կառավարութիւնը եւ այդ քաղաքական խումբը պարտուած է:

 

Ամբողջ ժողովուրդը, երկիրն ու ինքը գերի դարձած էին իր սուտերուն:

 

Արտահերթ ընտրութիւններու մասին

 

Ունինք իշխանութիւն, որ պարտութիւնը կը փաթթէ ժողովուրդին վիզին: Վատ կռուող ժողովուրդ չկայ, կան պատերազմը վատ կազմակերպող իշխանութիւններ: Պարտուած իշխանութիւնը պէտք է փոխուի: Վարչապետի դէմքը կը մարմնաւորէ այս խայտառակ պարտութիւնը:

 

Այս վիճակին արագ արտահերթ ընտրութիւններ ընելը սխալ է։ Մենք տեսանք, թէ էյֆորիայի բարեկրութեան տակ ընտրութիւնները ինչ հետեւանք կու տան։ Այդ փորձը ունենալով՝ պէտք է հասկնանք, որ պէտք է աւելի հանգիստ վիճակի մէջ ընտրութիւններ կազմակերպել։ Ակնյայտ է, որ այս իշխանութիւնը այլեւս օրինական չէ, խորհրդարանը չ'արտայայտեր ժողովուրդի կարծիքը, բայց գոնէ մէկ տարի ժամանակ պէտք է բանական դաշտի մէջ ընտրութիւն կազմակերպելու համար։ Կ'ողջունեմ ընդդիմադիր ուժերուն որոշումը, կը կարծեմ՝ Վազգէն Մանուկեանը այն կերպարն է, որ այդ առաքելութիւնը կարող է կատարել։ Ասիկա պաշտօնի կռիւ չէ։ Ես չեմ նախանձիր որեւէ մէկուն, որ այս մէկ տարուայ ընթացքին պէտք է մտնէ այդ անցումային կառավարութեան մէջ։

 

Իմ բոլոր հնարաւորութիւններով պիտի փորձեմ ընել ամէն ինչ, որ մեր երկիրը յաղթահարէ այս ծանր ժամանակահատուածը, անմասն պիտի չմնամ, անկասկած: