Խումբ մը զինեալ անձեր մուտք գործած են Էրէբունի շրջանի պահակային գունդի տարածք եւ բռնութեան սպառնալիքով կը պահեն հոն գտնուող ոստիկանները: Այս մասին տեղեկութիւնը հրապարակեց Հայաստանի «Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն»ը (ԱԱԾ), որ նաեւ փփոխանցեց, որ այդ զինեալներու համախոհներուն կողմէ ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուած տեղեկութիւնները զինեալ ապստամբութիւն իրականացնելու վերաբերեալ անհիմն են ու չեն համապատասխաներ իրականութեան: ԱԱԾ-ն նաեւ կը յայտնէ, որ ուժային բոլոր կառոյցները կը շարունակեն բնականոն կերպով գործել ու այս պահուն բանակցութիւններ կը տարուին զինեալներու ապահով կերպով դուրսբերման եւ անձնատուր ըլլալու կապակցութեամբ: