image

Կարօ Փայլան խօսած է Տիգրանակերտի (Տիարպէքիր) պատմական պարիսպներու վտանգուած ըլլալուն մասին

Կարօ Փայլան    խօսած է   Տիգրանակերտի (Տիարպէքիր)  պատմական  պարիսպներու  վտանգուած ըլլալուն մասին

 Թուրքիոյ ընդդիմադիր HDP  կուսակցութեան` Տիրապեքիրէն ընտրուած պատգամաւոր Կարօ Փայլան Թուրքիոյ շրջակայքի եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մուրատ Քուրումին  ուղարկած է հարցում, որ կապուած է Տիարպեքիրի պատմական պարիսպներու եւ Հեւսելի այգիներու շրջակայքը իրականացուող «Ազգային այգի» ծրագրի պատճառով պարիսպներուն  եւ այգիին հասցուող վնասին հետ:

 7 հարցէ բաղկացած հարցման մէջ Փայլան կը հետաքրքրուի, թէ արդեօ՞ք ծրագիրը կ՛իրականացուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի թոյլտւութեամբ, քանի որ ե՛ւ պարիսպները, ե՛ւ Հեւսելի այգիները այդ միջազգային կազմակերպութեան համաշխարհային ժառանգութեան կառոյցներու ցուցակին մէջ են:

 

Շաբաթներ առաջ թրքական ընդդիմադիր մամուլին մէջ տեղեկութիւններ տարածուած էին, որ Տիարպեքիրի պարիսպներուն մէկ մասը շինարարութեան հետեւանքով փլուզուած է: