image

Իտլիպ. Ընդդիմադիրները տագնապի առջեւ են

Իտլիպ. Ընդդիմադիրները տագնապի առջեւ են

Սուրիոյ ընդդիմութեան Հալէպի հարաւային արուարձաններու ռազմական գործողութիւններու գրասենեակը որոշում հրապարակած է, պահանջելով կառավարական բանակի հետ շփման գիծի վրայ գտնուող 8 գիւղեր դատարկել:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, գրասենեակի հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ յիշեալ գիւղերը ռազմական գօտի կը համարուին, հետեւաբար տեղի բնակիչները պարտին 48 ժամուայ ընթացքին դուրս գալ այդ շրջաններէն:

Յայտարարութեան հիմնական պատճառ հանդիսացած է կառավարական բանակի նախապատրաստական աշխատանքները, Իտլիպի ազատագրման պատերազմի մեկնարկին համար:

Ընդդիմադիր աղբիւրներու փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Իտլիպի վերաբերեալ բանակցութիւնները անյաջող ընթացած են, որովհետեւ Ռուսիա կը պնդէ «Ալ Նուսրա»ն ոչնչացնելու մտադրութիւնը, միաժամանակ մերժելով Անգարայի հետ համագործակցող ընդդիմադիր միաւորներու միջոցով զանոնք ոչնչացնելու Թուրքիոյ առաջարկը:

Նշուած է նաեւ, որ Համայի արուարձաններուն մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները սկսած են խրամատներ փորել Սուրիոյ բանակի ռազմակայաններու մօտակայ գիւղերուն մէջ: